image

Ըստ Ճոնսընի «Փութինի Ուքրանիա ներխուժումը պէտք է կասեցուի»

Ըստ Ճոնսընի  «Փութինի Ուքրանիա  ներխուժումը պէտք է կասեցուի»

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն կոչ ըրած է միանալու վեց կէտէ բաղկացած ծրագրին` արձագանգելու Ուքրանիայ Ռուսաստանի ներխուժման, այն կը ներառէ կէտեր`  սկսած մարդասիրական աջակցութենէն մինչեւ Մոսկուային տնտեսական վնաս պատճառելը:

Յաջորդ շաբաթ Լոնտոնի մէջ Գանատայի, Հոլանտայի եւ Կեդրոնական Եւրոպայի առաջնորդներուն հետ հանդիպումներէ առաջ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ Փութինի ներխուժումը Ուքրանիա պէտք է տապալի:

«Միջազգային կարգին մեր աջակցութիւնը յայտնելը բաւարար չէ. մենք պէտք է պաշտպանենք այդ` ռազմական ուժով վերաշարադրելու շարունակական փորձէն», այս մասին ըսուած է Ճոնսընի յայտարարութեան մէջ:

Ան թուարկել է կէտերը, որոնք կը ներառեն` Ուքրանիոյ մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերման համար միջազգային դաշինքի ձեւաւորում, անոր ինքնապաշտպանութեանն աջակցութիւն,  Ռուսաստանի վրայ տնտեսական ճնշման ուժեղացում, Ուքրանիոյ մէջ ռուսական գործողութիւններու «սողացող կարգաւորման» կանխարգելում, Եւրատլանտեան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդում եւ Քիեւի մասնակցութեամբ ապամագլցողական քայլերու ուղղուած դիւանագիտական ճանապարհներու կիրառում: