Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ սկսած են Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններուն միջեւ եռակողմ բանակցութիւնները։
Քննարկումները տեղի կ՚ունենան դռնփակ դրութեամբ։ Ինչպէս յայտնած է բանակցային խումբի աղբիւրը, ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորումը քննարկուելիք հարցերէն միայն մէկը պիտի ըլլայ։ Կողմերուն հիմնական ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ ցամաքամասային անվտանգութեան նոր համակարգի ձեւաւորման հարցերուն վրայ։
Ռուսիան բանակցութիւններուն մէջ կը ներկայացնեն նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքին, Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներ Սերկէյ Ռիապքովն ու Միխայիլ Կալուզինը, Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան օփերաթիւ տեղեկատուութեան եւ միջազգային կապերու ծառայութեան ղեկավար Ալեքսէյ Քոմքովը, ինչպէս նաեւ Զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի գլխաւոր վարչութեան պետ Իկոր Քոսթիւքովը։
Ուքրանական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ երկրի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Ռուստեմ Ումերովը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Կիրիլ Պուտանովը, անոր առաջին տեղակալ Սերկէյ Քիսլիցան եւ Գերագոյն Ռատայի մէջ «Ժողովուրդի ծառան» խմբակցութեան ղեկավար Տաւիտ Արախամիան։
Միացեալ Նահանգները կը ներկայացնեն նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը եւ անոր խորհրդականն ու փեսան՝ Ճարետ Քուշները։
Ապու Տապիի մէջ ներկայ են նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ներկայացուցիչները՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականներու մակարդակով, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչները։ Սակայն անոնք բանակցութիւններուն անմիջական մասնակցութիւն պիտի չունենան։
Նոյեմբեր 10-ին, եռակողմ բանակցութիւններէն առաջ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները հանդիպած են եւրոպական պատուիրակութեան հետ։
Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու եռակողմ բանակցութիւններուն նախորդ փուլը տեղի ունեցած է Ժընեւի մէջ՝ 2026 թուականի Փետրուարին, իսկ անկէ առաջ՝ Ապու Տապիի մէջ։