image
Հրատապ լուրեր:

Սուր սլաք՝ Իլոն Մասքէն. «Եթէ Starlink-ը անջատեն Ուքրանիան կը փլուզուի»

Սուր սլաք՝ Իլոն Մասքէն. «Եթէ Starlink-ը անջատեն Ուքրանիան կը փլուզուի»

Ամերիկացի միլիառատէր Իլոն Մասք մեղադրած է ուքրանացի զինուորականները՝ Starlink արբանեակային կապի համակարգի օգտագործման կանոնները խախտելու եւ անօդաչու սարքերով հարուածներ հասցնելու համար։ Անոր պնդումով՝ յայտնաբերուած բացը փակուած է անցեալ շաբաթ։ Այս մասին ձեռնարկատէրը գրած է X ընկերային ցանցին վրայ։

«Starlink-ի՝ քաղաքացիական նշանակութեան առեւտրային ծառայութեան օգտագործումը՝ մարդոց սպաննելու նպատակով անօդաչու սարքերու յարձակողական հարուածներու համար, երբեք չէ թոյլատրուած եւ պէտք չէ թոյլատրուի», յայտարարած է Մասք։

 

Անոր խօսքով՝ ուքրանացի զինուորականները խախտած են համակարգի օգտագործման պայմանները՝ զայն կիրառելով անօդաչու սարքերով յարձակումներու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, միլիառատէրը ընդգծած է, որ Starlink-ը կը շարունակէ վճռորոշ դեր խաղալ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան գործին մէջ։

«Եթէ Starlink-ը անջատուի, ուքրանական ճակատը անմիջապէս պիտի փլուզի։ Սա սպառնալիք ՉԷ, այլ պարզապէս փաստի արձանագրում», գրած է Մասք։

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ պատերազմի առաջին օրերուն համակարգը օգնած է Ուքրանիոյ՝ պահպանելու կապը, երբ հաղորդակցութեան միւս միջոցները ոչնչացուած կամ արգիլափակուած էին ռուսական ուժերու կողմէ։

 

«SpaceX-ը Ուքրանիոյ պաշտպանութեան համար շատ աւելին ըրած է, քան Երկրի վրայ գործող որեւէ այլ մասնաւոր ընկերութիւն», յայտարարած է ձեռնարկատէրը։

Միեւնոյն ժամանակ, Մասք խստօրէն քննադատած է ռազմական գործողութիւններու շարունակման կողմնակիցները՝ զանոնք մեղադրելով հակամարտութեան կարգաւորման իրատեսական ծրագիր չունենալու մէջ։

«Ես միայն ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՐՀԱՄԱՐՀԱՆՔ կը տածեմ պատերազմի այն չար հրահրիչներու հանդէպ, որոնք ցուցադրաբար կը ներկայացնեն իրենց առաքինութիւնը, կը պաշտպանեն անվերջ սպանդը եւ հակամարտութեան որեւէ իրատեսական լուծում չեն առաջարկեր։ Այրեցէ՛ք դժոխքին մէջ», գրած է ան։

Առանձին գրառումով Մասք յստակացուցած է, որ Starshield-ը այլ համակարգ է, որ կը գտնուի ԱՄՆ-ի կառավարութեան վերահսկողութեան ներքոյ։ Անոր համաձայն՝ այս համակարգի օգտագործման վերաբերեալ որոշումները կը մնան ամերիկեան իշխանութիւններու հայեցողութեան տակ։