Իսրայէլ եւ «Համաս» մօտ են Կազայի հատուածի մէջ հրադադարի եւ պաղեստինեան շարժման կողմէ պատանդներու ազատ արձակման մասին համաձայնագիրի կնքման։
Այս մասին յայտնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն՝ Սպիտակ տան մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն։
Ան ընդգծած է, որ 16 օգոստոսին զբաղած եղած է «Մերձաւոր Արեւելքին մէջ բռնկած հրդեհը դադրեցնելու ջանքերով»։
«Մենք շատ ու շատ աւելի մօտ ենք, քան երեք օր առաջ»,- նշած է նախագահը՝ խօսելով բանակցային գործընթացի մասին։