Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հաստատած է եռօրեայ հրադադարը։
«Վերջին օրերուն մենք բազմաթիւ հարցումներ եւ ազդանշաններ ստացած ենք Մոսկուայի մէջ վաղուայ օրուան ծրագիրներուն վերաբերեալ՝ կապուած մեր երկարաժամկէտ ուքրանական պատժամիջոցներուն հետ։
Մեր գործողութիւններուն մէջ համաչափութեան սկզբունքը լաւ ծանօթ է եւ յստակ կերպով փոխանցուած է ռուսական կողմին։ Մեր դիրքորոշումը որոշելու ժամանակ միշտ եղած է այս պատերազմի հիմնական մարդասիրական հարցերէն մէկու՝ ռազմագերիներու ազատ արձակման լուծումը։ Կարմիր հրապարակը մեզի համար աւելի պակաս կարեւոր է, քան ուքրանացի գերիներու կեանքը, որոնք կրնան վերադարձուիլ տուն։
Ահա թէ ինչու այսօր, որպէս Ամերիկայի միջնորդութեամբ բանակցային գործընթացի մաս, մենք ստացանք Ռուսիոյ համաձայնութիւնը՝ գերիներու փոխանակում իրականացնելու 1000-ը 1000-ի դիմաց ձեւաչափով։ Հրադադար պէտք է հաստատուի Մայիս 9-ին, 10-ին եւ 11-ին։ Ուքրանիա հետեւողականօրէն կ՚աշխատի իր ժողովուրդը ռուսական գերութենէն վերադարձնելու ուղղութեամբ։
Ես յանձնարարած եմ մեր խումբին արագօրէն պատրաստելու փոխանակման համար անհրաժեշտ ամէն ինչ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ անոր խումբին՝ իրենց արդիւնաւէտ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան համար։ Մենք կը սպասենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ապահովէ, որ ռուսական կողմը կատարէ այս համաձայնագիրները»,- նշած է Զելենսքին։