image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Հ. Աքարի իրենք «համապատասխան» արձագանք կը սպասեն

Ըստ Հ. Աքարի իրենք «համապատասխան» արձագանք կը սպասեն

Անգարան Երեւանէն կ'ակնկալէ համապատասխան արձագանգ Պաքուի «խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն»։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը, որ այցով ժամանած է Ատրպէյճան, կը հաղորդէ Anadolu-ն։

Անոր խօսքով, Հայաստանի հետ Թուրքիոյ երկխօսութեան զարգացումը «հնարաւոր է միայն Ատրպէյճանի մէջ մեր եղբայրներու շահերը հաշուի առնելով»։ Ան նշած է, որ «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միասնութիւնն օրինակ է ողջ աշխարհի համար»։

Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդուած էր, այցի ընթացքին Աքարին կ'ուղեկցին Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զորավար Եաշար Կիւլէրը, ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Մուսա Ավսեւերը, ռազմածովային ուժերու հրամանատար, ծովակալ Էրքումենթ Թաթլիօղլուն, ռազմաօդային ուժերու հրամանատար, բանակի զօրավար Աթիլլա Կիւլանը եւ այլ բարձրաստիճան սպաներ: