image

Նախագահ Թրամփ.«Իրանէն վճռական պատասխանի կը սպասենք

Նախագահ Թրամփ.«Իրանէն վճռական պատասխանի կը սպասենք

 

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նոր հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին քննարկած են Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերող զարգացումները։ ԱՄՆ նախագահը կոչ ուղղած է Թեհրանին, որ հնարաւորին չափ շուտ արձագանգէ Ուաշինկթընի առաջարկներուն այս ոլորտին մէջ։

«Քննարկեցինք նաեւ Իրանի հարցը եւ այն փաստը, որ ժամանակը կ՚աւարտի Իրանի համար՝ միջուկային զէնքէ հրաժարելու վերաբերեալ որոշում մը առնելու գծով։ Որոշումը պէտք է արագ կերպով ընդունուի», – գրած է Թրամփ իր Truth Social էջին վրայ՝ մեկնաբանելով Փութինի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը։

«Ես նախագահ Փութինին ըսի, թէ Իրան չի կրնար միջուկային զէնք ունենալ, եւ այս հարցով, կը կարծեմ, որ մեր միջեւ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի։ Նախագահ Փութինը առաջարկեց մասնակցիլ Իրանի հետ քննարկումներուն, ինչ որ թերեւս օգտակար կրնայ ըլլալ այս հարցին արագ լուծման համար։ Իմ կարծիքով, Իրան կը ձգձգէ այս շատ լուրջ հարցին վերաբերեալ որոշում առնելը։ Մեզի պէտք է յստակ պատասխան՝ շատ շուտ», – աւելցուցած է ԱՄՆ նախագահը։