Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն այսօր՝ 19 օգոստոսի արտահերթ նիստին 2023 թուականի 17 սեպտեմբերի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն, կուսակցութիւններու դաշինքին վիճակահանութեան կարգով տրամադրած է հերթական համարներ։
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական այն ուժերը, որոնք ներկայ էին նիստին մասնակցած են վիճակահանութեան։
Այսպիսով, կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքի հերթական համարներն են՝
«Հանրային ձայն» կուսակցութիւն-1
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն-2
«Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն-3
«Յաղթանակ» կուսակցութիւն-4
«Ուժը հայրենեաց» կուսակցութիւն-5
«Հայաստանի եւրոպական կուսակցութիւն»-6
«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն-7
«Յանուն սոցիալական արդարութեան» կուսակցութիւն-8
«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն-9
«Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւն-10
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն-11
«Ժողովրդավարական Համախմբում» կուսակցութիւն-12
«Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն-13
«Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինք-14