Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ գիշերը ոչնչացուած է ուքրանական շուրջ 600 անօդաչու թռչող սարք։
Ըստ գերատեսչութեան՝ թիրախներ եղած են Վորոնեժի, Լենինկրատի, Նովկորոտի, Ռոսթովի, Ռիազանի, Մոսկուայի եւ այլ մարզեր, Քրասնոտարի երկրամասը, Խրիմը, ինչպէս նաեւ Ազովի եւ Սեւ ծովերու տարածքները։ Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գիշերային յարձակումը եղած է տարուան ամենազանգուածայիններէն մէկը։
Սամարայի մարզին հասցուած հարուածներուն հետեւանքով արտադրական կառոյց մը վնասուած է, կան զոհեր։ ԱԹՍ-ներ արձակուած են նաեւ մայրաքաղաք Մոսկուայի ուղղութեամբ, իսկ շարք մը օդակայաններու աշխատանքը երէկուընէ սահմանափակուած է։