Ապու Տապիի ազգային նաւթային ընկերութեան (ADNOC) նաւը Հորմուզի նեղուցով անցնելու ընթացքին յարձակման ենթարկուած է։ Ընկերութեան յայտարարութեան համաձայն՝ միջադէպին հետեւանքով տուժածներ չկան, իսկ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։
ADNOC ընդգծած է ծովային ապահովութեան եւ նաւագնացութեան ազատութեան ապահովման կարեւորութիւնը՝ հանրութեան կոչ ընելով զերծ մնալու չճշդուած լուրեր տարածելէ եւ հետեւլու միայն պաշտօնական աղբիւրներուն։
Նշենք, որ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ընկերութեան արդէն 15 նաւեր հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու յարձակումներու ենթարկուած են։ Այդ հարուածներուն հետեւանքով նախապէս անձնակազմի մէկ անդամ զոհուած է, եւս 20-ը՝ վիրաւորուած։