ՆԱԹՕ-ի երկիրները PURL ծրագրի մէկ տարուան ընթացքին Ուաշինկթընին փոխանցած են ընդամէնը 6,3 միլիառ տոլար՝ Ուքրանիոյ համար «Փաթրիոթ» համակարգերու հրթիռներ գնելու նպատակով։ Մինչդեռ Քիեւի պահանջարկը տարեկան 12-18 միլիառ տոլար էր։
2025-ի Յուլիսին Տանըլտ Թրամփի եւ Մարք Ռիւթէի նախաձեռնած այս դրութիւնը դաշնակիցներուն հնարաւորութիւն կու տայ զէնք գնել ամերիկեան պաշարներէն։ Եւրոպայի մէջ ամէնէն շատ միջոցներ յատկացուցած են Նորվեկիան՝ 1,26 միլիառ, Հոլանտան՝ 1,16 միլիառ, եւ Գերմանիան՝ 0,9 միլիառ տոլար, մինչդեռ Ֆրանսան եւ Իտալիան հրաժարած են օտարերկրեայ զէնքի գնումը ֆինանսաւորելէ։
Յատկանշական է, որ 2026-ին PURL-ի մասնակիցներուն վճարումները զգալիօրէն նուազած են. եթէ նախորդ տարուան երկրորդ կիսամեակին անոնք կազմած էին 4,8 միլիառ տոլար, ապա այս տարուան առաջին եօթը ամիսներուն՝ ընդամէնը մօտ 2 միլիառ տոլար եղած է։