Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Իրանի նկատմամբ վերջնական յաղթանակէն ետք մտադիր է Հորմուզի նեղուցը յայտարարել Միացեալ Նահանգներու տարածք։ Այս մասին կը հաղորդէ Deutsche Welle-ն։
Նիւ Եորքի նահանգային ոստիկանութեան ակադեմիային մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ Հորմուզի նեղուցը ներկայիս կը վերահսկուի Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերուն կողմէ, որոնք շրջափակած են Իսլամական Հանրապետութեան նաւահանգիստները։
Իրանի իշխանութիւնները նոյնպէս կը յայտարարեն, որ փակած են նեղուցը, ուր նաւարկութիւնը խափանուած է դեռ Փետրուարէն՝ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ Թեհրանի դէմ սկսած պատերազմին սկիզբէն ի վեր։
Թրամփ որեւէ բացատրութիւն չէ ներկայացուցած Հորմուզի նեղուցը ԱՄՆ-ի տարածք ներկայացնող իր յայտարարութեան վերաբերեալ, թէեւ Սպիտակ տան ղեկավարը աւելի վաղ պնդած էր, որ Իրանի հետ պատերազմը կարճատեւ պիտի ըլլայ։ Թրամփ նախապէս ընդգծած էր Կրինլանտի եւ Փանամայի ջրանցքին նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատելու Ուաշինկթընի ցանկութիւնը, ինչպէս նաեւ Վենեզուելան անուանած էր ԱՄՆ-ի 51-րդ նահանգը։
Թրամփի յայտարարութիւնը մեկնաբանելով՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Քազեմ Ղարիպապատին ընդգծած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը տեղի պիտի չտայ ԱՄՆ-ի սպառնալիքներուն եւ ուժի ցուցադրման։