Եմէնի հուսիները Մաարիպի եւ Հատրամաութի նահանգներուն մէջ հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած են կառավարական ուժերուն, որոնց հետեւանքով առնուազն 58 զինուորական զոհուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ France 24-ը՝ վկայակոչելով զինուորական աղբիւր մը։
Եմէնը աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը բախի քաղաքացիական պատերազմի։ Հուսիները գրաւած են մայրաքաղաք Սանան եւ միջազգային ճանաչում վայելող կառավարութիւնը ստիպած են տեղափոխուելու երկրի հարաւ։ Ատէնի հարաւային նաւահանգիստէն գործող կառավարութիւնը կը վայելէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Պարսից ծոցի այլ երկիրներու աջակցութիւնը։
France 24-ը կը յիշեցնէ, որ յուլիսին Եմէնը ներքաշուեցաւ Միջին Արեւելքի հակամարտութեան մէջ, երբ հուսիները խախտեցին կառավարութեան հետ 2022-ին կնքուած զինադադարը։
Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսիները նաեւ յայտարարած են Սէուտական Արաբիոյ դէմ ծովային շրջափակումի մասին եւ հարուածներ հասցուցած Կարմիր ծովով անցնող քանի մը նաւթատար նաւերու։
Օգոստոս 6-ին հուսիները հարուածած են նաեւ Սէուտական Արաբիան՝ այդ քայլը բացատրելով թագաւորութեան կողմէ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն նկատմամբ կիրարկուող շրջափակումով։