Իսրայէլեան ԶՈւ-ն հարուած հասցուցած է Լիբանանի հարաւը գտնուող Անսար աւանի բնակելի տանը, որու հետեւանքով եօթ մարդ զոհուած է, եւս երեքը վիրաւորուած են։ Այս մասին յայտնած են լիբանանեան շտապօգնութեան ծառայութենէն։
«Ալ-Զրարիա աւանի կողմէ Անսարի ծայրամասը գտնուող տան ուղղութեամբ օդային հարուածին հետեւանքով եօթը մարդ զոհուած է, եւս երեքը վիրաւորուած են։ Տունը ամբողջութեամբ աւերուած է»,– ըսած է ծառայութեան ներկայացուցիչը։
Աղբիւրին համաձայն՝ փրկարարական խումբերը կը շարունակեն քանդել փլատակները եւ դուրս բերել զոհուածներն ու տուժածները։ Գործողութեան կը մասնակցին «Քաշաֆ ար-Ռիսալա ալ-Իսլամիա» շարժման շտապօգնութեան ծառայութեան, Իսլամական առողջապահութեան կոմիտէի եւ Լիբանանի քաղաքացիական պաշտպանութեան աշխատակիցները։
Տուժածները կը տեղափոխուին Նապաթիա քաղաքի հիւանդանոցները։