image

Իրան պիտի չվերսկսի ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւնները․ Արաքչի

Իրան պիտի չվերսկսի ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւնները․ Արաքչի

 

Իրանը տակաւին որոշում չէ կայացուցած ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւնները վերսկսելու վերաբերեալ։ Այս մասին ISNA գործակալութեան յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապաս Արաքչին։

Անոր խօսքով՝ հակառակ Քաթարի եւ Փաքիստանի միջնորդական ջանքերուն՝ նախկին կապի ուղիները արդիւնաւէտ չեն։ Այժմ Թեհրան կը մշակէ ժամանակաւոր նոր տարբերակ մը, որ կրնայ մշտական դառնալ, սակայն նախարարը չէ յստակացուցած, թէ խօսքը կապի ո՞ր ուղիին մասին է։

Արաքչին նաեւ յիշեցուցած է, որ «Իսլամապատի յուշագիր»-ին համաձայն՝ կողմերը պարտաւորուած էին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, սակայն ԱՄՆ-ը խախտած է այդ համաձայնութիւնը։