image

Յայտնի է Էրտողան-Փութին քննարկման օրակարգը Սոչիի մէջ

Յայտնի է Էրտողան-Փութին քննարկման օրակարգը Սոչիի մէջ

Սոչիի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը պիտի քննարկեն Սուրիոյ, Ուքրանիոյ իրավիճակը, պիտի համապատասխանեցնեն ժամանակացոյցը՝ Ուքրանիոյ նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտահանման վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարած Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն։

Ան նշած է, որ նախագահներու բանակցութիւնները նուիրուած է երկկողմ համագործակցութեան։ «Այդ ե՛ւ տնտեսութիւնն է, ե՛ւ տարածաշրջանային խնդիրները, ե՛ւ Սուրիան, ե՛ւ Ուքրանիան, ինչպէս նաեւ լաւ հնարաւորութիւն է՝ համապատասխանեցնելու ժամանակացոյցը ուքրանական նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտահանման հարցով»,-ըսած է Փեսքով: