Սեպտեմբեր 23-ին Նիւ Եորքի մէջ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կազմակերպած «Խաղաղութեան միջոցով բարգաւաճում. ներդրումներ Թրանս-Կասպեան առեւտրային երթուղիին եւ TRIPP-ին մէջ» միջոցառման, կը յայտնեն նախարարութենէն։
Արարատ Միրզոյեան հանդէս եկած է որպէս բանախօս «Խաղաղութեան հեռանկարները. TRIPP-ի եւ Թրանս-Կասպեան երթուղիի իրականացումը» խորագրով քննարկման, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Պրենտըն Հանրըհանի հետ միասին։ Միջոցառման մասնակցած է նաեւ խաղաղութեան առաքելութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ։
Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է խաղաղութեան եւ տարածաշրջանային կապակցուածութեան օրակարգին, ինչպէս նաեւ 2025-ի օգոստոս 8-էն ի վեր արձանագրուած կարեւոր ձեռքբերումներուն։
Իր խօսքին մէջ նախարար Միրզոյեան ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու վճռական ներգրաւուածութեամբ կայացած օգոստոս 8-ի խաղաղութեան գագաթնաժողովին պատմական նշանակութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանային ապաշրջափակման գործին մէջ։
Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է խաղաղութեան առկայութեամբ պայմանաւորուած շօշափելի փոփոխութիւնները քաղաքացիներուն համար, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հաստատումէն ի վեր Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած դրական զարգացումները։
Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Միրզոյեան ընդգծած է TRIPP-ի առանցքային նշանակութիւնը տարածաշրջանի երկիրներուն համար՝ միջտարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան արդիւնաւէտ զարգացման գործին մէջ։ Ան գոհունակութեամբ նշած է նաեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման ուղղութեամբ արձանագրուած շօշափելի եւ յստակ յաջողութիւնները։
Միջոցառման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Թրանս-Կասպեան ձեռնարկութիւններու հիմնադրման մէջ ֆինանսական ներդրումային հնարաւորութիւններուն։ Քննարկումներուն մասնակցած են Վրաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու, ինչպէս նաեւ մասնաւոր ոլորտի ներկայացուցիչներ։