Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը յայտնած է յառաջիկային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպման մասին։
Այս մասին Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարն ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցին։
«Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի հանդիպումը, որմէ ետք որոշուած է վերսկսիլ բանակցային գործընթացը: Յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ դէմ առ դէմ բանակցութիւններ կայացնել Հայաստանի պատուիրակութեան հետ»,- նշած է ան։