image
Հրատապ լուրեր:

Յաջորդ տարի «Սիւնիք» օդակայանին մէջ նոր սարքաւորումներ պիտի գործարկուին, չեղարկումները պիտի նուազին․ նախարար

Յաջորդ տարի «Սիւնիք» օդակայանին մէջ նոր սարքաւորումներ պիտի գործարկուին, չեղարկումները պիտի նուազին․ նախարար

Կապանի «Սիւնիք» օդակայանէն իրականացուած է 22 թռիչք, տեղափոխուած է 189 ուղեւոր, սակայն մեծամասամբ օդանաւի տոմսերը բոլորը վաճառուած չեն ըլլար:

Այս մասին տարեվերջեան ամփոփոիչ ասուլիսին տեղեկացուցած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը։

Նախարարը շեշտած է, որ եղած են դէպքեր, երբ եղանակային պայմաններով պատճառով թռիչքները չեն իրականացած: Միեւնոյն ժամանակ Սանոսեանը հաւաստիացուցած է, որ յաջորդ տարի չեղարկումները պիտի նուազին, այս ուղղութեամբ յստակ քայլեր ունին։

«Մենք եւ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան գործընկերները որոշակի նաւիգացիոն եւ հիդրոօդերեւութաբանական սարքեր են ձեռք բերել, որպէսզի տեղադրուեն օդանաւակայանում։ 2024 թուականին դրանք կը գործարկուեն, ու եղանակային պայմաններից կախուածութիւնը կը փոքրացնենք»,- հաւաստիացուցած է նախարարը։

Յիշեցնենք, որ Կապանի օդակայանէն Երեւանէն-Կապան եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքներ իրականացուած են։

Մինչ կանոնաւոր թռիչքներու մեկնարկը իրականացուած երկու թռիչքներն անխոչընդոտ չէին անցած․ ատրպէյճանական կողմը թիրախաւորած էր օդակայանը։

Օգոստոս 17-ին Երեւան-Կապան թռիչքով Սիւնիք մեկնած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը․ այցի ընթացքին ան յայտարարած էր, որ այս շաբթուընէ մեկնարկած են կանոնաւոր չուերթները։ Փաշինեանի այցի յաջորդ օրը, ըստ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ատրպէյճանական կողմէն անյայտ անձը կրակոցներ արձակած էր Կապանի «Սիւնիք» օդակայանի ուղղութեամբ, գնդակներէն երկուքը վնասած էին օդակայանի պատուհաններէն մէկը եւ տանիքը։

Օգոստոս 19-ին ալ Կապանի օրուան նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցելու համար Սիւնիք մեկնած էին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը եւ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը։ Այդ օրն ալ Ատրպէյճանը թիրախաւորած էր «Սիւնիք» քաղաքացիական օդակայանը մինչեւ օդանաւի վայրէջքը։

Հետագային ալ շարք մը թռիչքներ չեղարկուեցան՝ եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառաբանութեամբ։