Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած այցելութեան ընթացքին, մեծայարգ Նախարարը դիմաւորուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին կողմէ, որու շուրջ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կրթութեան Նախարար Եուսուֆ Թէքին 25 Յուլիս 2026, Շաբաթ միջօրէին, այցելեց Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։
Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած այցելութեան ընթացքին, մեծայարգ Նախարարը դիմաւորուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին կողմէ, որու շուրջ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Դիմաւորման պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ համայնքային հաստատութեանց վարիչներ եւ կրթական մշակներ։ Ներկայ էին նաեւ ԱՔ Կուսակցութեան Ստանպուլի երեսփոխան Տոց. Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Հանրապետութեան Նախագահութեան Մշակոյթի եւ Արուեստի Քաղաքականութեանց Խորհուրդի անդամ Արամ Գուրան, ԷՐՎԱՊ-ի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսքոֆեան։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած դիմաւորութենէն ետք, հանդիպումը շարունակուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան ԷՐՎԱՊ-ի Կրթական Յանձնախումբի անդամներ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մարի Եանճըի, համայնքային հաստատութեանց ատենապետներ, համայնքի ներկայացուցիչներ եւ կրթական մշակներ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքային վարժարաններու ներկայ կացութեան, կրթական բնագաւառէն ներս դիմագրաւուած խնդիրներուն եւ նոր կրթական ծրագրին։ Այս հարցերուն շուրջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում։
Կրթութեան Նախարար Թէքին, Պատրիարքարանի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք, այցելեց նաեւ Պէզճեան Մայր Վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ կրթական մշակներուն հետ։







