Իսրայէլի ֆինանսներու նախարար Պեզալել Սմոթրիչը, կեդրոնական Իսրայէլի Եատ Պինեամին շրջանին մէջ տեղի ունեցած համաժողովին, յայտարարած է, որ երկիրը «շահագրգռուած չէ միանալու» Իրանի դէմ պատերազմին։ Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան Ynet լրատուական կայքը։
«Այս պահուն Իսրայէլի պետութիւնը որեւէ շահագրգռութիւն չունի միանալու այս արշաւին,– ըսած է ան։– Ներկայ իրավիճակը մեզի համար նպաստաւոր է, եւ մենք որեւէ շահագրգռութիւն չունինք մեզ այս հակամարտութեան մէջ ներքաշելու։ Մենք պատրաստ ենք որեւէ հաւանական սենարի»։
Իր խօսքին մէջ նախարարը նաեւ նշած է, որ Իսրայէլի գլխաւոր նպատակը իրանական վարչակարգը տկարացնելն է, եւ որ այդ նպատակին հասնելու լաւագոյն միջոցը տնտեսական ճնշումներն են։
Վերջին օրերուն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հակամարտութիւնը դարձեալ սրած է՝ ԱՄՆ-ի օդային հարուածներուն եւ Իրանի կողմէ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան թիրախներու դէմ իրականացուած պատասխան հարուածներու հետեւանքով։