Վրաստանի կառավարութիւնը կը քննարկէ ցամաքային սահմանի բացման հնարաւորութիւնը, յայտարարած է տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման նախարար Նաթիա Թուրնաւան:
«Հիմնական բանը, որ կրնայ ապահովագրել լարիի փոխարժէքի հետագայ տատանումները, տնտեսութեան արագ վերականգնումն է: Գիտէք, որ մենք գործնականօրէն վերացուցեր ենք զբօսաշրջութեան վերականգնման հիմնական սահմանափակումները: Կը կատարուին պատուաստումներ, որոնք խոչընդոտ պիտի դառնան երրորդ ալիքի զարգացման համար: Զբօսաշրջութիւնը երկրին լրացուցիչ արժոյթ կը բերէ: Այժմ մենք արդէն կը քննարկենք, թէ ինչ պայմաններով կը կարողանանք բանալ ցամաքային սահմանները, եւ այդ լաւ աճ կ'ըլլայ մեր ֆինանսական շուկային մէջ»,- ըսած է Թուրնաւան, կը հաղորդէ «Նովոստի-Կրուզիան»:
2021 թուականի 1 փետրուարէն Վրաստանը վերացուցած է կանոնաւոր թռիչքներու բոլոր սահմանափակումները: Օտարերկրացիները Վրաստան կրնան հասնիլ օդանաւով, եթէ «Քորոնա» ժահրի բացասական ՊՇՌ քննութիւն ներկայացնեն: Միեւնոյն ժամանակ, Վրաստանի ցամաքային սահմանները փակ կը մնան՝ անոնցմով կ'արտօնեն անցնիլ կամ Վրաստանի քաղաքացիներուն, կամ այն օտարերկրացիներուն, որոնք պատուաստման վերաբերեալ փաստաթուղթ կը ներկայացնեն: