image

Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան մտադիր է շարունակել վճռական պայքարը «Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորման դէմ

Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան մտադիր է շարունակել վճռական պայքարը «Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորման դէմ

Թուրքիան մտադիր է շարունակել վճռական պայքարը «Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորման դէմ։ Այդ մասին Այտըն նահանգի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։

«Այդ պատուհասի դէմ պայքարը երթալով վճռական կը դառնայ։ Ահաբեկչութեան բոլոր դրսեւորումները պէտք է վերանան։ Թուրքիան կը վայելէ իր ընտրած ուղիի պտուղները՝ հետեւողականօրէն յաղթահարելով անվտանգութեան հետ կապուած սպառնալիքները»,-ըսած է Էրտողանը։

Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ ահաբեկչական կառոյցներու, այդ շարքին՝ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող անջատողական խմբաւորումներու վերացումը պիտի նպաստէ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման։

«Էթնիկ եւ կրօնական լարուածութիւնը միայն կը սրէ իրավիճակը եւ լրացուցիչ տառապանքներ կը պատճառէ տարածաշրջանին, հետեւաբար թրքական իշխանութիւնները մտադիր են շարունակել խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ամրապնդելու իրենց ջանքերը»,-ըսած է Էրտողանը։