Երեւանի օդակայանին մէջ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի օդանաւի վայրէջքի ժամանակ անոր թեքահարթակի առջեւ հայկական գորգ փռուած է: Գեղազարդային իրն ապշեցուցած է բրիտանական The Guardian թերթի լրագրող Եաքուպ Քրուփային, հաղորդած է gazeta.ru-ն։
«Առանձին նշեմ. կրնաք ուշադրութիւն դարձնել այս ցնցող գորգին, որ փռեր էին ԱՄՆ փոխնախագահի համար Երեւանի օդակայան ժամանելուն պէս։ Ցաւօք, ես չեմ գիտեր ատոր ամբողջ պատմութիւնը (կը խնդրեմ բաժնեկցեցէք, եթէ գիտէք), բայց... պարզապէս նայեցէք այս գեղեցկութեան»,-գրած է լրագրողը։