image

Ոգեկոչուեցաւ թրքական շարժանկարի աշխարհի սիրելի դէմքերէն՝ Ողբ. Նուպար Թէրզեան

Ոգեկոչուեցաւ թրքական շարժանկարի աշխարհի սիրելի դէմքերէն՝ Ողբ. Նուպար Թէրզեան

Նորօծ Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան, օրերս, պատարագած է Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ մէջ, ուր յընթացս Ս. Պատարագի ոգեկոչուած է թրքական շարժանկարի աշխարհի սիրելի դէմքերէն Ողբ. Նուպար Թէրզեանի մահուան 32րդ տարելիցը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Նորօծ Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան երէկ, 18 Յունուարին պատարագեց Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ մէջ։ Յընթացս Ս. Պատարագի, աղօթքներով ոգեկոչուեցաւ թրքական շարժանկարի աշխարհի սիրելի դէմքերէն Ողբ. Նուպար Թէրզեանի մահուան 32րդ տարելիցը։ Հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցեցան ողբացեալի որդին՝ Պերճ Թէրզեան եւ հաւատացեալներ։ Պերճ Թէրզեանն ալ շապիկ հագած, միացաւ աղօթքներուն ու հոգեւոր արարողութեան։

Պատարագի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ հրուշակ։ Բացի ատկէ տեղի ունեցաւ փոքրիկ աշխատանոց մը, որու ընթացքին Նարեկ Քահանայ խօսեցաւ Ս. Պատարագի խորհուրդի մասին, սորվեցուց Ս. Պատարագի երգեցողութենէն կարճ հատուածներ։