Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ի պատասխան «Ամերիկայի ձայն»ի հայկական ծառայութեան հարցման, ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է աշխատելու Երեւանի եւ Պաքուի հետ որեւէ ձեւաչափով, որ կրնայ կողմերու համար առաջընթաց ապահովել։
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրի, որ էական նշանակութիւն ունի անվտանգ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի համար։
Մենք պատրաստ ենք աշխատելու երկու կողմի հետ որեւէ ձեւաչափով, ուր երկու կողմերը կրնան պայմանաւորուոիլ, թէ ուր կրնան առաջընթաց գրանցել»,- նշած են Արտաքին գործոց նախարարութենէն: