Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ պատրաստ ըլլալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման։
Թրամփի խօսքով՝ Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Քուէյթ եւ շարք մը այլ երկիրներ կը նախընտրեն պահպանել ներկայ իրավիճակը՝ շարունակելով պատմութեան ընթացքին ամենամեծ ծովային շրջափակումը եւ «Երկաթէ դարպաս» նոր գործողութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ թէ՛ ցամաքային, թէ՛ ծովային ուղղութիւնները։
«Եթէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի ունենայ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները լիովին պատրաստ է գործողութիւններու եւ կրնայ անմիջապէս արձագանգել։ Սակայն այս պահուն նման զարգացումը բաւական անհաւանական կը թուի», նշած է ան։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուցած է, որ Իսրայէլն ու ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը պաշտպանուած են Իրանի վտանգներէն եւ սպառնալիքներէն։ Անոր խօսքով՝ հակամարտութեան աւարտին ուղղուած դրական զարգացումներ կը նկատուին, իսկ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ պաշտպանել իր շահերը։
Թրամփի համոզմամբ՝ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք ամերիկացիներն ու ամբողջ աշխարհը աւելի անվտանգ պիտի ըլլան։