image

Որոնողական աշխատնքներու արդիւնքով յայտնաբերուած է 2 զինուորի աճիւն

Որոնողական աշխատնքներու արդիւնքով յայտնաբերուած է 2 զինուորի աճիւն

 

Որոնողական աշխատանքներու ընթացքին, այսօր Արցախի փրկարարները Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանէն յայտնաբերած են եւս 2 աճիւն։ Այս մասին յայտնած են Արցախի ԱԻՊԾ-էն:

 

Անոնց ինքնութիւնը պարզելու նպատակով պիտի նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։

Զինադադարէն ետք որոնումներու ընթացքին յայտնաբերուած կամ թշնամիի կողմէ հայկական կողմին փոխանցուած աճիւններու ընդհանուր թիւը 1529 է, որմէ 27-ը նախնական տուեալներով` քաղաքացիական անձինք են։