Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են՝ փետրուար 7-ին յայտնաբերուած է ՊՆ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող Դաւիթ Արմէնի Մանուկեանի դին:
Դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով կ՚ընթանայ քննութիւն:
Մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն։
Կը կատարուի նախաքննութիւն՝ դէպքի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։