ՀՀ քննչական կոմիտէի Արարատի մարզային քննչական վարչութեան մէջ սպանութեան փորձի եւ հրազէնի, ատոր հիմնական բաղկացուցիչ մասերու, ռազմամթերքի եւ այլ նիւթերու, սարքերու, առարկաներու ապօրինի շրջանառութեան յատկանիշներով նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին ՆԳՆ ոստիկանութենէն ստացուած տեղեկատւութեան հիման վրայ՝ 2025 թուականի նոյեմբեր 7-ին ՆԳՆ ծառայողներու հետ համատեղ կատարուած են մէկ տասնեակէ աւելի խուզարկութիւններ, որոնց շնորհիւ յայտնաբերուած են մեծ քանակութեամբ ապօրինի զէնք-զինամթերք, թմրամիջոց եւ այլն:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ քննչական կոմիտէէն:
Ձերբակալուած է 8 անձ:
Քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը կը շարունակուի: