Երեւանի Վրացական փողոցին վրայ 30-ամեայ տղամարդն ինկած է 16-յարկանի շէնքի տանիքէն եւ մահացած։ Տեղեկութիւնը յայտնած է shamshyan.com։
Դէպքը տեղի ունեցած է 22 սեպտեմբերին։
Ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժինը ժամը 12:15-ի սահմանին շտապօգնութեան «Արաբկիր» ենթակայանէն ահազանգ ստացած է, որ բժիշկներու խումբը կանչով մեկնած է Վրացական փողոց 21 հասցէի հարեւանութեամբ գտնուող շինարարական հրապարակ, ուր տղամարդու դիակ եղած է:
Ոստիկաններն ու քննիչները նշուած կիսակառոյց շէնքի բակը յայտնաբերած են Գեղարքունիքի մարզի գիւղերէն մէկու բնակիչ Անդրանիկ Հարթենեանի դին։
Պարզուած է, որ ան կառուցուող շէնքի տանիքէն ինկած է 2-րդ յարկի կիսակառոյց բաց պատգամբին վրայ եւ տեղւոյն վրայ մահացած:
Դէպքի փաստով Արաբկիրի քննչական բաժինէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: