Օգոստոս 13-ին յայտնաբերուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինծառայող Գրիգոր Էդգարի Զաքարեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով, յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով կ՚ընթանայ քննութիւն:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վշտակցած եւ զօրակցութիւն յայտնած է զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։