Յուլիս 6-ի լուսադէմին կեանքէն հեռացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Արտաշէս Ալեքսանեանը։
Դերասանի վախճանի մասին լուրը կը տեղեկանանք անոր ընկերոջմէն՝ Յարութիւն Բոգարեանէն։
«Երեք օր էր՝ հիւանդանոցում էր։ Այսօր առաւօտեան ժամը 03։55-ին սիրտը կանգ է առել»,- նշած Յարութիւն Բոգարեանը։
Արտաշէս Ալեքսանեան ծնած է 1961 թուականին՝ Երեւանի մէջ։ Օրեր անց՝ Յուլիս 17-ին, ան պիտի բոլորէր իր 65-ամեակը։
1978 թուականին աւարտած է Լենինականի թիւ 33 միջնակարգ դպրոցը՝ ֆիզիքա-մաթեմաթիքական մասնագիտացուած բաժինը։
1982-1984 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան Ազգային ակադեմական թատրոնի ստուդիոյ մէջ՝ Խորեն Աբրահամեանի ղեկավարութեամբ։
1984-1988 թուականներուն ուսումը շարունակած է Մոսկուայի Համամիութենական պետական կինոյի հիմնարկին (ՎԳԻԿ) մէջ՝ Արմէն Ջիգարխանեանի ղեկավարութեամբ։
1986 թուականին նկարահանուած է Սվերդլովսկի կինոստուդիոյ եւ «Ղազախֆիլմ»-ի արտադրած ժապաւէններուն մէջ։
1988-1990 թուականներուն եղած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան Ազգային ակադեմական թատրոնի դերասան։
1990 թուականին նկարահանուած է «Երեք թագաւորներու պատերազմը» եւ «Ինկած բերդի իշխանուհին» ֆիլմերուն մէջ։ Վերջինին մէջ իր մարմնաւորած դերին համար արժանացած է «Տարուան լաւագոյն դերասան» մրցանակին։
1992-1994 թուականներուն եղած է Երեւանի Մհեր Մկրտչեանի անուան Արտիստական թատրոնի դերասան։
1994-1996 թուականներուն նկարահանուած է «Լենֆիլմ» կինոստուդիոյ արտադրած ֆիլմերուն մէջ, իսկ նոյն տարիներուն աշխատած է հայկական քանի մը հեռուստաընկերութիւններու եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ։
1998-2001 թուականներուն Չեխիոյ «Մայր» թատրոնին մէջ աշխատած է որպէս բեմադրիչ։ Այդ ընթացքին բեմադրած է հինգ ներկայացում՝ Ուիլյըմ Շեքսփիրի «Մաքպեթ»-ը, Լոփէ տէ Վեկայի «Շունը դեզին վրայ»-ը, Նիկոլայ Կոկոլի «Ռեւիզոր»-ը, Թ. Պրանտոյի «Չարլիի մօրաքոյրը» եւ Ռ. Քալինովսկիի «Գազանը լուսնին վրայ»-ը։
2002-2003 թուականներուն կրկին համագործակցած է «Լենֆիլմ» կինոստուդիոյ հետ։
Բեմադրած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան՝ որպէս պետական կրօն ընդունման 1700-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայոց Մեծ Եղեռնին նուիրուած ներկայացումներ։
Արտաշէս Ալեքսանեան նկարահանուած է բազմաթիւ ֆիլմերու մէջ, որոնց շարքին են՝ «Մի՛ վախնար», «Poker.am», «Գարեգին Նժդեհ», «Ռուսական տապանը», «Յատուկ նշանակութեան ջոկատ», «Մետալին հակառակ կողմը» եւ այլ ժապաւէններ։
Ան նաեւ նկարահանուած է բազմաթիւ հեռուստասերիալներու մէջ։