Ռուսաստանի ուժերու ստորաբաժանումները լիովին վերահսկողութիւն հաստատած են Չեռնոպիլի աթոմակայանին մօտ գտնուող տարածքի վրայ: Այդ տեղի ունեցած է նախօրէին, ըսած է ՌԴ ՊՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Իկոր Քոնաշենքով:
«Յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքին Ռուսաստանի զինուած ուժերը շարքէ հանած են Ուքրանիոյ ռազմական ենթակառուցուածքի 118 ռազմական կէտ: Անոնց շարքին` 11 ռազմական օդակայան, Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու 13 կառավարման կէտ եւ կապի հանգոյց, 14 «Ս-300» եւ «Քսա» զենիթահրթիռային համակարգեր, 36 ռատիոլոկացիոն կայան», յայտարարած է Քոնաշենքով:
Ան ներկայացուցած է նաեւ ուքրանական կողմին հասցուած կորուստները: Անոր խօսքով` այս պահուն խոցուել է 5 մարտական ինքնաթիռ, ուղղաթիռ եւ 5 անօդաչու թռչող սարք:
Բացի այդ, ոչնչացուած է 18 միաւոր զրահամեքենայ, այդ շարքին` հրասայլեր, համազարկային կրակի 7 ռէաքթիւ համակարգ, 41 միաւոր յատուկ աւտոմոպիլային սարք եւ 5 մարտական մոթորանաւակ: