Ռուսական ուժերը հարուածած են ուժանիւթային եւ փոխադրական ենթակառուցուածքներու այն կառոյցները, որոնք կ՚օգտագործուին ուքրանական զինուած ուժերու կողմէ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերու զօրախումբերու գործառնական-մարտավարական օդուժը, հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը, հրթիռային զօրքերն ու հրետանին հարուածած են ուքրանական զինուած ուժերուն կողմէ օգտագործուող ուժանիւթային եւ փոխադրական ենթակառուցուածքներու կառոյցները, հեռահար անօդաչու թռչող սարքերու պահեստաւորման եւ արձակման վայրերը, ինչպէս նաեւ 147 շրջաններու մէջ ուքրանական զինուած կազմաւորումներու եւ օտարերկրեայ վարձկաններու ժամանակաւոր տեղակայման կէտերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։