image

Վիեննայի բանակցութիւնները դրական էին. Ապտըլ Լահիան

Վիեննայի  բանակցութիւնները դրական էին. Ապտըլ Լահիան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած է. «Մենք լրջօրէն տրամադրուած ենք ուժեղ եւ մնայուն համաձայնութեան հասնելու, եւ ամերիկացիները մեզի ներկայացուցին բնագիր մը, որ բազմաթիւ անորոշութիւններ կը բովանդակէ»:

«Վիեննայի մէջ դրական բանակցութիւններ ունեցանք, եւ լուծումը դիւանագիտութիւնը կը նկատենք», նշած է Ապտոլլահեան:

«Եթէ Միացեալ Նահանգներ պէտք եղած կամքը ունին, ապա համաձայնութիւնը կարելի է», ըսած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Ապտոլլահեան յայտնած է, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պէտք է աշխատի իր պարտականութիւններուն ու թեքնիք պարտաւորութիւններուն հիմամբ եւ ինքզինք զանց կացուցէ Իրանի հիւլէական խաղաղ ծրագիրին նկատմամբ քաղաքական ու երկակի գործելաոճէն: