image

Իրանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին.Թրամփ

Իրանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին.Թրամփ

 

Իրանն ու Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն բանակցութիւնները։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

«Իրանի հետ մեր գործերը շատ լաւ կ՚ընթանան։ Մենք խօսած ենք եւ կը շարունակենք խօսիլ Իրանի հետ», Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն ըսած է Թրամփ։

«Մենք կը խօսինք Իրանի հետ», կրկնած է Թրամփ՝ առանց բացայայտելու այդ շփումներուն բովանդակութիւնը։ Ան նաեւ պնդած է, որ ԱՄՆ-ի գործողութիւններուն շնորհիւ Հորմուզի նեղուցը բաց է նաւարկութեան համար։

Մինչդեռ, Fox News հեռուստակայանի հաղորդմամբ՝ ԱՄՆ կը քննարկէ Նոյեմբեր 9-ին Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնը։ Հեռուստակայանի տեղեկութիւններով՝ այս հարցով խորհրդակցութիւնները Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած են Նոյեմբեր 4-ին եւ 5-ին։

Հեռուստակայանի աղբիւրներուն համաձայն՝ կը քննարկուի Նոյեմբեր 9-ին ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու տարբերակը, քանի որ այդ օրը նորալուսին պիտի ըլլայ, ինչ որ նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծէ գործողութեան իրականացման համար։