image
Հրատապ լուրեր:

Վանաձորի մէջ կրակոց եւ վիրաւորներ

Վանաձորի մէջ կրակոց եւ վիրաւորներ

9 օգոստոսին, Լոռի մարզին մէջ կրակոցներ հնչած են եւ դանակահարութիւն տեղի ունեցած։ Ժամը 20:50-ի սահմաններուն ահազանգ ստացուած է, որ 1 անձ հրազէնային վնասուածքով եւ 1 անձ ալ դանակահարուած փոխադրուած են Վանաձորի բժշկական կեդրոն։

Մինչ Վանաձոր բժշկական կեդրոնի բժիշկները կը պայքարէին վիրաւորներուն կեանքին համար, քրէական ոստիկանները եւ Լոռի մարզի պարեկները պարզած են, որ նշուած անձերը հիւանդանոց փոխադրուած են Վանաձոր քաղաքի Միասնիկեան փողոցէն։ Դէպքի վայրը յայտնաբերուած են արեան նման հետքեր եւ կրակուած պարկուճներ։

Հիւանդանոց փոխադրուողները Լոռի մարզի բնակիչներ են: Հրազէնային վնասուածք ստացողը 26 տարեկան է, իսկ դանակահարուածը՝ 58։ Մէկ հոգի եւս ոտքի մասը հրազէնային վնասուածք ստացած հասած է Վանաձոր բժշկական կեդրոն։ Կան կասկածներ, որ ան նոյնպէս նշուած դէպքի վայրը վիրաւորուած է։