image

Վանաձորի մէջ 2-ամեայ տղան անզգուշաբար 3-րդ յարկի պատուհանէն վար ինկած է

Վանաձորի մէջ 2-ամեայ տղան անզգուշաբար 3-րդ յարկի պատուհանէն վար ինկած է

Օգոստոսի 29-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Լոռիի մարզին մէջ։ Ժամը 11։00-ի սահմաններուն «Վանաձոր» բժշկական կեդրոն է տեղափոխուած է ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող երեխայ, գրած է Shamshyan.com-ը։

Ինչպէս յայտնած է Գագիկ Շամշեանը, տեղի բժիշկները կրցած են անհրաժեշտ բուժօգնութիւնը ցուցաբերել երեխային, որմէ ետք Երեւանի մասնագիտացուած հիւանդանոցներէն մէկը տեղափոխելու նպատակով բժշկական օդային ծառայութեան կանչ գրանցուած է։

Ֆոթոլրագրողի տեղեկութիւններով՝ երեխան 2-ամեայ Ն․ Ա․-ն է, որ անզգուշաբար երրորդ յարկի պատուհանէն վար ինկած է։

Դէպքի մասին արդէն տեղեկացուած են ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան տարածքային բաժինը, ուրկէ հիւանդանոց ժամանած է հերթապահ խումբը՝ օրուան պատասխանատուի գլխաւորութեամբ։

Դէպքի փաստով ոստիկանութեան տարածքային բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կազմուած են, որոնք փոխանցուած են ՀՀ քննչական կոմիտէի Լոռիի մարզային քննչական վարչութիւն։