Օրերս Լիբանանի մէջ վախճանած է Լիբանանի Թեմի եկեղեցական դասու անդամներէն, Նոր Մարաշ շրջանի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Տ. Յարութիւն աւ. քհնյ. Կոստանեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լիբանանի Թեմի դիմատետրի էջէն։
Կը նշուի, որ Տէր Հօր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ օր։
Այս առթիւ աղբիւրը ներկայացուցած է վախճանեալ Տէր Հօր կենսագրական գիծերը, ուրկէ կը կարդանք՝
Վախճանեալ Տ. Յարութիւն աւ. քհնյ. Կոստանեան.
Աւազանի անունով Պապի, ծնած է 1939 թուականին՝ Լիբանան։
Փոքր տարիքէն յաճախած էր Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի եւ իբրեւ դպիր, հաւատարմութեամբ իր ծառայութիւնը բերած անոր կեանքին:
Ի վերջոյ, իր ունեցած ծիսական եւ եկեղեցագիտական հմտութեան շնորհիւ, իրեն վստահուած էր լուսարարի պաշտօնը, զոր ան վարած էր երկար տարիներ՝ նուիրումով ու բարեխճութեամբ։
Ողբացեալ Տէր Հայրը Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած էր 29 Ապրիլ 1994-ին, օրուան Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Արամ Արք․ Քէշէշեանի ձեռամբ եւ նշանակուած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ, զոր արդիւնաւոր ծառայութեամբ վարած էր մինչեւ Հոկտեմբեր, 2015։
Իր Քահանայագործութեան միջոցին, Առաջնորդարանի շրջագիծէն ներս եւ Լիբանանի Հայոց Թեմէն ներս, ողբացեալ Տէր Հայրը ստանձնած էր նաեւ վարչական զանազան պատասխանատու պարտականութիւններ: Արդարեւ, ան երկար տարիներ եղած էր Ազգային երեսփոխանական ժողովի հոգեւորական անդամ, Կրօնական ժողովի անդամ եւ Դատաստանական խորհուրդի անդամ:
2013 թուականին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի կողմէ ան ընտրուած էր նաեւ Առաջնորդական Տեղապահ։
Ողբացեալ Տ․ Յարութիւն Ա․ Քհն․ Կոստանեանը վախճանեցաւ Չորեքշաբթի 13 Հոկտեմբեր 2021-ին, իր բնակարանին մէջ՝ Պուրճ Համուտ, Լիբանան: