Ի վերջոյ այս մարդիկ, իրենց անձէն աւելի եւ յաճախ իրենց ընտանիքին չափ ու աւելի սիրեցին մեր մշակոյթը, ապրեցան այդ մշակոյթին համար, գրեցին այդ մշակոյթին համար, հրապարակախօսեցան այդ մշակոյթին անունով ու դարձեալ Կոմիտասի խազն ու երանգը բերին ու դրին մեր սիրոյ սեղանին՝ մշակոյթի իսկական սեղանին։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ, ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, ԴԱՒԻԹ ՄՈՒՐԱԴՅԱՆ
Չեմ գիտեր քանի մոմեր պիտի վառուին անոնց համար, կամ քանի ծաղիկ եւ քանի փուռ հող պիտի նետուի անոնց շիրիմներուն։
Վստահ եմ, որ անոնց հարազատները պիտի ընեն ատիկա, ու կաթիլ-կաթիլ արցունք եւ լռութիւն մը պիտի պատէ այդ ամբողջ արարողութիւնը, եկեղեցին ու սգոյ սրահը։
Սակայն կարեւորը միայն այդ վիշտը չէ, այլ հաւաքական յարգանքը, որուն արժանի են այս մարդիկը։
Շահան Արծրունին, որ միեւնոյն ժամանակ մեծ սիրահար էր Հայաստանի ամէնէն հեռու շէներուն, ամէն տարի իր բաժին յոյսը եւ եռանդը կը բերէր Հայաստանի նորահաս սերունդի պատանի-պարմանուհիներուն։
Կ՚ապրեցնէր այդ սէրը, ցոյց կու տար այդ սիրոյ մէկ կաթիլը, որ վստահ եմ օր մը նորէն պիտի աճի ու մեծնայ…
Օշին Քէշիշեանը, ինչ խօսք բոլորովին այլ ճանապարհներով մտած էր հայ հասարակութեան ճանապարհներուն մէջ։
Սիրած էր գիր ու մամուլ, եղած էր հեղինակ եւ հրատարակիչ ու ամէն բառի տակ, ամէն տողի մէջ արտայայտած էր իր անդուլ սէրը Հայաստանի հանդէպ։
Դաւիթ Մուրադյանը արձակի վարպետ էր։ Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչ յափշտակութեամբ կարդացի անոր յուշագրութիւնը, երբ տարիներ առաջ Լեւոն Խեչոյեանին հետ դէպի եւրոպական ափեր մեծ ճանապարհորդութեան մը ելաւ...։
Կը յիշեմ նաեւ իր այցը Պէյրութի ՀԳՄ-ի Լեւոն Անանեանի նախագահութեան օրերուն, երբ տեղակալն էր նոյն կառոյցին եւ մեծ պատուիրակութեամբ եկան-հասան Պէյրութ ու գեղեցիկ օրեր պարգեւեցին հայ գիրի ու գրականութեան ծարաւի մեր հոգիներուն։
Անկէ ետք տարբեր առիթներով այցելած եմ անոր գրասենակը, ուր մտքի թեւածումները, գաղափարները եւ շրջահայաց մտքերը կը խօսէին ոչ միայն մարդ-գրողի մը մասին, այլ մարդ-մտածողի մը մասին։
Զարեանի տեսակէն էր Դաւիթ Մուրադյանը, հեռու նայող, մեր այսօրը երէկուան դէպքերուն ագուցող, բայց մանաւանդ դէպի աւելի լաւ ու պայծառ ապագայի մը մասին յուշող եւ յիշեցնող։
Երեք մարդ, երեք նուիրեալ եւ երեք ճակատագիր, բոլորն ալ կապուած մեր պիպլիական երկրի արահետներուն, անոր խորունկ ու փշոտ ճանապարհներուն ու յաւիտենական երթին հետ։
Այսօր պահ մը կը կանգնիմ անոնց առջեւ, որովհետեւ այս մարդիկ, իրենց անձէն աւելի եւ յաճախ իրենց ընտանիքին չափ ու աւելի սիրեցին մեր մշակոյթը, ապրեցան այդ մշակոյթին համար, գրեցին այդ մշակոյթին համար, հրապարակախօսեցան այդ մշակոյթին անունով ու դարձեալ Կոմիտասի խազն ու երանգը բերին ու դրին մեր սիրոյ սեղանին՝ մշակոյթի իսկական սեղանին։
Առանց խտրականութեան, առանց կողմնակալութեան, այլ մաքուր եւ անմահական սիրով։
Շահան Արծրունի, Օշին Քէշիշեան եւ Դաւիթ Մուրադյան այսօր Ձեր յիշատակի օրն է՝ յարգանք Ձեզի։