Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը «Ռուսաստանը հնարաւորութիւններու երկիր է» ոչ առեւտրային կազմակերպութեան խորհուրդի նիստին պատմած է Լաթվիայի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած իր նախկին գործընկերոջ մասին, գրած է rbc.ru-ն։
«Միայն եղած է հին ռենկէն, որ չէ կրցած ցոյց տալ՝ ինչ աստիճանի թոքերը վնասուած են։ Դեղեր չեն եղած, ոչինչ եղած է»,- ըսած է Փութինը։
«Ամէն ինչ ըրինք անոր այնտեղէն դուրս բերելու համար։ Չկրցանք, մահացաւ։ Ահա այսպիսին է մակարդակը, այդ շարքին՝ առողջապահութեան»,-ըսած է Փութինը՝ չնշելով իր գործընկերոջ անունը։
Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի տուեալներով՝ Լիթվայի մէջ մինչ օրս «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 99 հազար բնակիչ, 1864-ը՝ մահուան ելքով։