image

Վ. Փութին պատմած է «Քովիտ»էն մահացած իր ընկերոջ մասին

Վ. Փութին պատմած է «Քովիտ»էն մահացած իր ընկերոջ մասին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը «Ռուսաստանը հնարաւորութիւններու երկիր է» ոչ առեւտրային կազմակերպութեան խորհուրդի նիստին պատմած է Լաթվիայի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած իր նախկին գործընկերոջ մասին, գրած է rbc.ru-ն։

Փութինը յայտնած է, որ իր «լաւ ծանօթը» եւ «նախկին գործընկերը» գրեթէ ամբողջ կեանքը Լաթվիայի մէջ ապրած է եւ այնտեղ ալ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով։ ՌԴ նախագահի խօսքով՝ ան բուժուած է երկրի գլխաւոր վարակաբանական կեդրոնին մէջ, ուր մագնիսառեզոնանսային (մագնիսական հնչականութիւն) շերտագրութիւն չէ եղած:

«Միայն եղած է հին ռենկէն, որ չէ կրցած ցոյց տալ՝ ինչ աստիճանի թոքերը վնասուած են։ Դեղեր չեն եղած, ոչինչ եղած է»,- ըսած է Փութինը։

Ան նաեւ նշած է, որ իր ծանօթին առաջարկած են Մոսկուա տանիլ։

«Ամէն ինչ ըրինք անոր այնտեղէն դուրս բերելու համար։ Չկրցանք, մահացաւ։ Ահա այսպիսին է  մակարդակը, այդ շարքին՝ առողջապահութեան»,-ըսած է Փութինը՝ չնշելով իր գործընկերոջ անունը։

Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի տուեալներով՝ Լիթվայի մէջ մինչ օրս «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 99 հազար բնակիչ, 1864-ը՝ մահուան ելքով։