image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր արկած մը ցնցած է Լիբանանի Զղորթա շրջանը. Զոհուած են 2 երիտասարդներ

Ծանր արկած մը ցնցած է Լիբանանի Զղորթա շրջանը. Զոհուած են 2 երիտասարդներ

Լիբանանի Զղորթա շրջանը մեծ սուգի մատնուած է։

 Գիւղաքաղաքի բնակիչ 2 երիտասարդներ։ Էլիաս Մըրհէպ եւ Նահմէ Նահմէ մահացած են ինքնաշարժի ծանր արկածի հետեւանքով։

 

 «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն քաղեց Լիբանանի ճանապարհային արկածները հաւաքագրող եւ երթեւեկութեան անվտանգութեան մասին տեղեկութիւններ տարածող «ԵԱԶԱ»ի դվիթերեան էջէն։

 Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ քառասունն անց քաղաքացիները, որ անցեալ օր արեւծագին Զղորթայէն դէպի Ճիւնի կ՚ուղղուէին փախած են ճանապարհը փակած մեծ բեռնատար մը եւ իսկոյն մահացած։

 Ըստ նախնական տուեալներու արկածը հետեւանք եղած է համատարած մութին, իսկ բեռնատարը  ճանապարհի երկայնքին կանգնած եղած է ցուցարաներու բողոքի գործողութեանց մասնկացելու համար։

 Աւուր հացի համար դէպի Պէյրութի փութացող երիտասարդները, որ վերջերս ալ  բուժուած են «Քորոնա»է զոհ երթալով նման ծանր արկածի սուգի մատնած են իրենց ծննդավայր ՝ Զղորթա քաղաքը։