Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին՝ իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով Լիբանանի մէջ զոհերու թիւը հասած է 28-ի։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ յղում կատարելով Al Mayadeen հեռուստակայանին, այս մասին յայտնած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ռաքքան Նասեր ատ-Տինը՝ Լիբանանի Հերմել քաղաք կատարած այցի ընթացքին։
Նախարարը դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ 2024-ի հրադադարի խախտումները եւ ազգային միասնութեան կոչ ըրած է։
Հակառակ «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ 2024 թուականի Նոյեմբեր 27-ին կնքուած հրադադարին՝ նոյն տարուան Նոյեմբեր 27-էն մինչեւ 2025-ի Նոյեմբեր 3-ը Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ օդային, ցամաքային եւ ծովային խախտումներու ընդհանուր թիւը կազմած է 5163։ Յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է Լիբանանի 309 քաղաքացի, իսկ վիրաւորուած՝ 598։
Հակառակ հրադադարի համաձայնագրին՝ իսրայէլեան բանակը մասամբ միայն դուրս եկած է Լիբանանի հարաւէն՝ շարունակելով իր ենթակայութեան տակ պահել վերջին պատերազմի ընթացքին գրաւած լիբանանեան հինգ կարեւոր բլուրները։