image
Հրատապ լուրեր:

Նոր եռանդ յանուն գաղութի ապագային. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան հանդիպած է համայնքի երիտասարդներուն հետ

Նոր եռանդ յանուն գաղութի ապագային. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան հանդիպած է համայնքի երիտասարդներուն հետ

Միայն խօսքերով չէ, որ կը գործէ ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ այս օրերուն Գերշ. Տ. Մեսրոպ Սրբազանին համար աւելի քան կարեւոր է ուշադրութեան կիզակէտ դարձնել ԱՄԷ-ի եւ յատկապէս այդ երկրին մէջ հայաշատ քաղաք համարուող Ապու Տապիի նորահաս սերունդը։

Սրբազան հօր նոր նախաձեռնութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

 

Ապու Տապիի Երիտասարդաց Յանձնախումբի Անդրանիկ Հաւաք 

Շաբաթ, 17 Յունուար 2026֊ի երեկոյեան, ներկայութեան եւ հովանաւորութեամբ Ա.Մ.Էմիրութեանց Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Աշաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանին, որուն կողքին էին Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Բագրատ Պալապանեան եւ Եկեղեցւոյս Թաղական Խորհուրդ, տեղի ունեցաւ խորովածի “BBQ” երեկոն։

Մեծ ուրախութեամբ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հայ երիտասարդաց հաւաքը Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։

Երեկոն անցաւ ջերմ միասնութեամբ՝ ծանօթացման ցանցով, ընթրիքով, հետաքրքրական խաղերով, պարերով, հաճելի զուարճութեամբ եւ ուրախ պահերով։ Երիտասարդները առիթը ունեցան զիրար հետ աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ նոր յիշողութիւններ կերտելու գեղեցիկ պահեր։

Մասնակիցներուն բաժնուեցան յուշանուէրներ, որոնք աւելի գունաւոր դարձուցին երեկոն։ Ուրախութիւնը, ժպիտն ու միասնական ոգին լեցուցին շրջափակը։

Այսպիսի հաւաքները մեծապէս կը նպաստեն մեր երիտասարդութեան հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային կեանքի զօրացման։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք կազմակերպիչներուն, կամաւորներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն՝ որոնք նիւթաբարոյական իմաստով քաջալեր հանդիսացան, այս գեղեցիկ երեկոն իրականացնելու համար։