Ձերբակալուած է տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեանը։ Այս մասին յայտնած է նախկին նախարարի եղբայրը՝ Աւետիք Քերոբեանը՝ նշելով, որ խուզարկած են Քերոբեանի տունը:
Աւետիք Քերոբեանը պնդած է, որ եղբօր տան խուզարկութիւնը կապ չունի եղբօր պաշտօնավարման հետ: Ան նշած է, որ տեղեակ չէ, թէ ինչ գործի շրջածիրէն ներս եղբայրը ձերբակալուած է, իրաւապահ որ մարմինը ձերբակալած է։
Այժմ կը փորձեն հասկնալ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններու պատճառը: