image

Թուրքիոյ մէջ պիտի չփակուի HDP կուսակցութիւնը. Պահչելին դժգոհ է

Թուրքիոյ մէջ պիտի չփակուի HDP կուսակցութիւնը. Պահչելին դժգոհ է

 

Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) նախագահ Տեւլեթ Պահչելին մեկնաբանած է այն փաստը, որ Թուրքիոյ ՍԴ-ն դատախազութիւն վերադարձուցած է քրտամէտ կուսակցութեան գործով մեղադրական եզրակացութիւնը։

 

Աւելի վաղ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը երկրի գլխաւոր դատախազութեան վերադարձուցած է Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) գործունէութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւնը։ Որոշումը կայացուած է հայցադիմումի «դատավարական թերութիւններու» կապակցութեամբ:

Ինչպէս կը հաղորդէ Ermnihaber-ը, Պահչելին, դատապարտելով Թուրքիոյ ՍԴ-ի որոշումն, ըսած է.
«Սահմանադրական դատարանը փակելու հարցը պէտք է ըլլայ նոյնքան անյետաձգելի պահանջ, որքան HDP-ն փակելու հարցը»։

Ուշագրաւ է, որ Պահչելիի այս յայտարարութեան արձագանգած են MHP-ի խորհրդարանական դաշնակից իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութենէն։

Մասնաւորապէս MHP-ի փոխնախագահ Ալթունքայնաքը Պահչելիի յայտարարությունը մեկնաբանած է որպէս յարձակում Թուրքիոյ ՍԴ-ի վրայ։ Անոր խօսքերով՝ Պահչելին անտեսած է Թուրքիոյ իրաւական համակարգը։

Յիշեցնենք, որ 17 մարտին Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազը դիմած է Սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով լուծարել քրտամէտ կուսակցութիւնը։

Մեղադրական եզրակացութեան մէջ կը պահանջուի արգիլել քրտամէտ կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ անոր աւելի քան 600 անդամը 5 տարիով զրկել քաղաքականութեամբ զբաղուելէ։