Աւելի վաղ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը երկրի գլխաւոր դատախազութեան վերադարձուցած է Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) գործունէութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւնը։ Որոշումը կայացուած է հայցադիմումի «դատավարական թերութիւններու» կապակցութեամբ:
Ինչպէս կը հաղորդէ Ermnihaber-ը, Պահչելին, դատապարտելով Թուրքիոյ ՍԴ-ի որոշումն, ըսած է.
«Սահմանադրական դատարանը փակելու հարցը պէտք է ըլլայ նոյնքան անյետաձգելի պահանջ, որքան HDP-ն փակելու հարցը»։
Ուշագրաւ է, որ Պահչելիի այս յայտարարութեան արձագանգած են MHP-ի խորհրդարանական դաշնակից իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութենէն։
Մասնաւորապէս MHP-ի փոխնախագահ Ալթունքայնաքը Պահչելիի յայտարարությունը մեկնաբանած է որպէս յարձակում Թուրքիոյ ՍԴ-ի վրայ։ Անոր խօսքերով՝ Պահչելին անտեսած է Թուրքիոյ իրաւական համակարգը։
Յիշեցնենք, որ 17 մարտին Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազը դիմած է Սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով լուծարել քրտամէտ կուսակցութիւնը։