image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոմիութիւնը Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան «ճանապարհային քարտէզ» պիտի ներկայացնէ

Եւրոմիութիւնը  Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան «ճանապարհային քարտէզ» պիտի ներկայացնէ

Միւնիխի անվտանգային համաժողովին փանելային քննարկման ընթացքին Ընդլայնման հարցերով եւրոյանձնակատար Մարթա Քոսը շեշտած է՝ ԵՄ-ն կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան գործընթացներուն:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը նոր դուռեր բացած է, Եւրոմիութիւնը ուրախ է գործակցիլ երկու երկրի հետ ալ՝ ձեւաւորելով համաշխարհային երթուղիներ:

Անոր խօսքով՝ Միջին միջանցքին մէջ հսկայական փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան, եւ այդ հնարաւոր չէր ըլլար առանց Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան։

Եւրոպական Միությունը յստակ նախագծերու ցանկ կը ձեւաւորէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւնները որոշելու համար, յայտարարած է Մարթա Քոսը:

Ընդլայնման հարցերով եւրոյանձնակատարի խօսքով՝ Պաքուի հետ կը քննարկուի դէպի Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցման տեխնիկատնտեսական հիմնաւորման գործարկումը՝ միջազգային ֆինանսական հիմնարկներու հետ համատեղ TRIPP նախագիծի շրջածիրէն ներս: